2013-10-19 11:31:34

'' Հաւատքի ու արշաւի 100 մեթր'' խորագրով` մարզական հաւաք Վատիկանի մէջ։


Կիրակի 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8,30-էն մինչեւ կէսօր`Սուրբ Պետրոսի հրապարակ առաջնորդող "Via della Conciliazione'' պողոտայի վրայ կազմակերպուած էր, Հաւատքի Տարուայ ծիրէն ներս, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ '' Հաւատքի ու արշաւի 100 մեթր'' խորագրով մարզական հաւաք մը, որուն մասնակցեցան Հռոմի ժողովրդապետութիւններէն եւ դպրոցներէն աւելի քան 5000 երիտասարդներ ինչպէս նաեւ` մարզական, մշակութային եւ լրագրողական աշխարհի ներկայացուցիչներ։
Հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեսական ձեռնարկ եւ սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ` ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութունն ու միութիւնը խորհրդանշող ողիմպիական Ջահի ներկայութեամբ զանազան մարզիկներու վկայութիւններ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկի կէտնպատակն է վերարծարծել մարզանքի դաստիարակչական, մշկութային ու հոգեւոր արժէքները։
Հաւաքը վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.